13.5 C
Yerevan

Հայութեան ՍԻՐՏԸ ԽՈՑՈՒԱԾ Է ապա­կիի անհա­մար փշրանքով․․․

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

05 Օգոստոս 2020

Ն․ Պէրպէ­րեան

Պէյրութ դարձեալ ԱՐԻՒՆ կու լայ՝ ամէ­նուր քանդում է եւ աւե­րա­կոյտ, ջարդուփշուր ապա­կի, զոհեր ու վիրաւորներ։Հիրոշիման յիշեցնող ՊԱՅԹՈՒՄը ծանրօ­րէն հարուա­ծեց Պէյրութի նաւա­հանգիստին շրջա­կայքը՝ հոն բոլո­րուած ամէ­նէն ՀԱՅԱՀՈԾ թաղա­մա­սե­րով հանդերձ։Ոչ միայն Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի, այլեւ համայն Հայութեան ՍԻՐՏԸ ԽՈՑՈՒԱԾ Է ապա­կիի անհա­մար փշրանքով․․․

Ցաւը կը սեղմէ բոլո­րիս ԿՈՒՐԾՔը, որովհե­տեւ Լիբա­նա­նի հայութեան ՈԳԵՂԷՆ ԱՒԱՆԴԷՆ մասունք մը անպայման կը շնչէ ԱՄԷՆՈՒՍ մէջ։Զոհուած կամ վիրաւոր աղէ­տեալնե­րու շարքին ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐ ունին մեզմէ ՇԱՏԵՐԸ։Նոր առաւօտ բացուած է, բայց բարի լոյս ԱՒԵՏԵԼՈՒ ոչ մէկ տրա­մադրութիւն կայ մէջս։

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ փութա­լու ղօղանջնե­րու կարիք ալ չկայ՝ ամբողջ աշխարհը շարժած է արդէն Պէյրութի ՑԱՒՈՎ։Բայց անպայման ԺԱՄՆ է ամէն զանգ հնչեցնե­լու, որպէսզի այս ԱՆԷԾՔԸ ի վերջոյ հանգիստ ձգէ ոգե­ղէն ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ մեր գեղե­ցիկ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ։

Բարի լոյս՝ քարե­րով եւ ապա­կի­նե­րով ծածկուած ԱՒԵՐԱԿՈՅՏԻՆ մէջէն ՊԷՅՐՈՒԹԸ վերստին, ֆիզիքապէ՛ս թէ հոգեպէ՛ս աւե­լի ԳԵՂԵՑԻԿ ՍԼԱՑՔՈՎ ոտքի բարձրացնող ՓԻՒՆԻԿԻՆ, որ ՄՈԽԻՐՆԵՐԷՆ ՅԱՌՆԵԼՈՒ ՆԵՐՈՅԺՈՎ բնո­րո­շած է ՀԱՅԱԿԵՐՏՄԱՆ մեր հնաւանդ՝ անմո­ռա­նա­լի ՕՃԱԽԸ։

Բարի լոյս՝ այսօ­րուան օրը իր ՔԱՆԴՈՒԱԾ ԲՈՅՆԸ վերա­շի­նե­լու ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ սկսած ՀՐԱՇՔ ՀԱՅՈՒՆ, որ գիտէ, համո­զուած է եւ զինուած է վաղը աւե­լի ՊԱՅԾԱՌ ԵՒ ՇԷՆ ՕՐ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ԿԱՄՔՈՎ։Բարի լոյս՝ փլա­տակնե­րու եւ ցաւե­րու մէջէն ԴԷՊԻ ԱՂԲԻՒՐԸ ՅՈՅՍԻՆ մեր քայլերն ու ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ առաջնորդող ԱՆԸՆԿՃԵԼԻ ՊԷՅՐՈՒԹ։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3313133978777553

Առնչվող Հոդվածներ