14 C
Yerevan

Դաշնակցութեան Փրկօ­ղա­կը. (Բ Մաս)

Գաղա­փա­րա­կան կեդրո­նա­ցումը պէտք չէ շփո­թել նաեւ ՀՅԴ կանո­նա­գի­րի կարգա­պա­հութեան դրոյթնե­րուն հետ: Կարգա­պա­հութիւն կը նշա­նա­կէ դաշնակցա­կան գործը բծախնդրութեամբ եւ անձնուի­րութեամբ կատա­րել մինչեւ գործին աւարտը:

Յարութ Աղբա­լեան

ՀՅԴ կանո­նա­գի­րի սկզբնաւո­րութեան իբրեւ հիմնա­կան սկզբունք որդեգրուած ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ ԵՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ դրոյթը, ինչպէս նշուե­ցաւ, աղաւա­ղուած ձեւով մեկնա­բա­նուած է եւ կը մեկնա­բա­նուի:

Ըստ էութեան այս երկու հասկա­ցութիւննե­րը իրար շաղկա­պուած եւ իրար ամբողջացնող են: Կազմա­կերպա­կան ապա­կեդրո­նա­ցումը (իմա՝ քաղա­քա­կան) պէտք է մեկնի գաղա­փա­րա­կան (իմա՝ նպա­տա­կի, ծրա­գի­րի) կեդրո­նա­ցումով: Տարբեր միջա­վայրե­րու, քաղա­քա­կան տարբեր պայմաննե­րու մէջ գործող դաշնակցա­կան պատասխա­նա­տու մարմիննե­րը (Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ), իրենց պայմաննե­րէն մեկնած (կազմա­կերպա­կան ապա­կեդրո­նա­ցում), դաշնակցա­կան գործունէութիւն տանին (գաղա­փա­րա­կան կեդրո­նա­ցում): 1890ականներուն անհե­թե­թութիւն էր ակնկա­լել, որ Մուշի մէջ կարե­լի է բանուո­րա­կան իրաւունքնե­րու պայքար տանիլ եւ Թիֆլի­սի մէջ զինեալ յեղա­փո­խա­կան կռիւ: Բայց թէ Թիֆլի­սի կամ Պաքուի մէջ բանուո­րա­կան իրաւունքնե­րու համար տարուող պայքա­րը եւ թէ Մուշի եւ Վանի մէջ կատա­րուող յեղա­փո­խա­կան կռիւը (կազմա­կերպա­կան ապա­կեդրո­նա­ցում), պիտի ծառա­յէին դաշնակցութեան նպա­տակնե­րու իրա­գործման (գաղա­փա­րա­կան կեղրո­նա­ցում): Գործե­լու այս ազա­տութիւնը, այսինքն ապա­կեդրո­նա­ցումը, հնա­րաւո­րութիւն ստեղծած է որ դաշնակցութեան մէջ ծնին ԱՐԱՄՆԵՐ, ՌՈՒԲԷՆՆԵՐ, ԴՈՒՄԱՆՆԵՐ, ՆԺԴԵՀՆԵՐ եւայլն, որոնցմէ շատեր վճռո­րոշ դերա­կա­տա­րութիւն ունե­ցան Հայ կեանքին մէջ: Այլ խօսքով, կազմա­կերպա­կան-քաղա­քա­կան ապա­կեդրո­նա­ցումը եղած է այն դարբնո­ցը, ուր անհա­տա­կա­նութիւններ յաջո­ղած են իրենք զիրենք դրսեւո­րել:

Դժբախտա­բար այսօր այս երկու հասկա­ցութիւննե­րը այլա­փո­խուած են, որուն հետեւանքով այլա­փո­խուած է նաեւ ՀՅԴի դիմա­գի­ծը: Գաղա­փա­րա­կան կեդրո­նա­ցում չի նշա­նա­կեր դաշնակցա­կան մարմի­նի մը կամ ժողո­վի մը որո­շումնե­րուն համա­ձայնիլ անտրտունջօ­րէն: Այս հասկա­ցութիւնը յատուկ է ամբողջա­տի­րա­կան կուսակցութիւննե­րուն միայն, բայց երբեք ազա­տութեան հաւա­տա­ցող դաշնակցութեան: Գաղա­փա­րա­կան կեդրո­նա­ցումը պէտք չէ շփո­թել նաեւ ՀՅԴ կանո­նա­գի­րի կարգա­պա­հութեան դրոյթնե­րուն հետ: Կարգա­պա­հութիւն կը նշա­նա­կէ դաշնակցա­կան գործը բծախնդրութեամբ եւ անձնուի­րութեամբ կատա­րել մինչեւ գործին աւարտը:

Կանո­նա­գի­րի այս երկու հիմնա­կան սկզբունքնե­րու կը հակա­սէ նոյն կանո­նա­գի­րին մէջ այն յօդուա­ծը, որու համա­ձայն, դաշնակցութեան արտա­քին քաղա­քա­կա­նութիւնը կը ճշղէ Բիւրօն: Այս յօդուա­ծը հակա-ապա­կեդրո­նա­ցում յօդուած է, որու հետեւանքով, տասնա­մեակնե­րու ընթացքին նուա­զած են Շրջա­նա­յին ժողովնե­րու, Կ. Կոմի­տէ­նե­րու եւ նոյնիսկ Ընդհա­նուր Ժողո­վի դերա­կա­տա­րութիւնն ու արժէ­քը: Հետեւանքը եղած է այն որ այսօր ապա­կեդրո­նա­ցումով հպարտա­ցող դաշնակցութեան մէջ, առա­ջա­ցած է կեդրո­նա­ձիգ մարմին մը, որ ինք կը ճշդէ եւ կ’որոշէ ամէն ինչ: Մինչդեռ երբ կը կարդանք ՀՅԴ պատմութեան առա­ջին երեսնա­մեա­կը, կը տեսնենք որ հիմնա­կան դերա­կա­տարնե­րը շրջաննե­րու Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէ­ներն են, իսկ Բիւրօն ունի լուսանցքա­յին դերա­կա­տա­րութիւն: Հիմնա­կա­նին մէջ ան եղած է աշխա­տանքնե­րը համա­կարգող հսկող եւ հունաւո­րող մարմին:

Հետզհե­տէ կեդրո­նա­ձիգ կուսակցութեան վերա­ծուե­լով, դաշնակցութեան մէջ աղաւա­ղուած է նաեւ ազատ խօսքի հասկա­ցութիւնը; Կանո­նա­գի­րը այն մեքա­նիզմն է, որ կեանքի պէտք է կոչէ ծրա­գի­րը եւ առ այդ, կանո­նա­գի­րին բարո­յա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան հիմքը ՀՅԴ ծրա­գիրն է, որուն հաւա­տամքին անքակտե­լի մասնիկն 1, մտքի, խօսքի, եւ կամքի ազա­տութիւնը:

Այստեղ եւս խեղա­թիւրում կը կատա­րուի: Կանո­նա­գի­րի կարգա­պա­հութեան հասկա­ցութեան դրոյթնե­րուն հիման վրայ, կ’ոտնակոխուի դաշնակցա­կաննե­րուն ազատ մտա­ծե­լու եւ ազա­տօ­րէն արտա­յայտուե­լու ծրագրա­յին իրենց իրաւունքը: Այսօր Դաշնակցութեան մէջ այլա­կարծութիւնը մերժուած երեւոյթ է: Մինչդեռ յեղա­փո­խա­կան գործունէութեան ժամա­նա­կաշրջա­նին, Դաշնակցութեան օրկա­նը՝ ԴՐՕ­ՇԱ­Կը տպած է Հրայր Դժոխքի նամակնե­րը, ուր քննա­դա­տութիւն կայ Դաշնակցութեան հասցէին: 1900ականներուն երբ Դաշնակցութիւնը կը պատրաստու էր ընդունե­լու ընկերվա­րութիւնը իբրեւ հիմնա­կան գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն, Վանայ Իշխա­նը Դրօ­շա­կի մէջ կը գովերգէր լիբե­րա­լիզմը;

Այս հակա­սութիւննե­րը եւ աղաւա­ղումնե­րը հիմնա­կան վերնա­գիրներն են ՀՅԴ կանո­նա­գի­րի հակա­սութիւննե­րուն, որոնք առանցքա­յին են եւ Դաշնակցա­կան շարքա­յի­նին համար պէտք է որ դառնան անընդունե­լի: Այս հակա­սութիւննե­րու հետեւանքով աղաւա­ղուած է նաեւ Դաշնակցութեան էութիւնը եւ դիմա­գի­ծը:

Բայց ՀՅԴ կանո­նա­գի­րի ամէ­նէն մեծ թերութիւնը կը մնայ իր ոչ-ժողովրդա­վար դրոյթնե­րը, որոնք յանգե­ցուցած են այսօ­րուայ աղի­տա­լի վիճա­կին:

Շարունա­կե­լի…

Առնչվող Հոդվածներ