15.1 C
Yerevan

Ամեն Ընտրություն Իր Հետև­անքն Ունի

Ներկա­յիս, ՀՀ իշխա­նութիւննե­րը անգամ մը եւս կը գտնուին յարա­բե­րա­բար տկար դիրքե­րու վրայ, մասնաւո­րա­բար Արցա­խեան 44-օրեայ պատե­րազմի մէջ Հայաստա­նի կրած պարտութեան հետեւանքով, ինչպէս նաեւ ՀՀ‑ի սահմաննե­րուն վրայ շարունա­կուող եւ ճգնա­ժա­մը խորացնող Ատրպէ­ճա­նա­կան ոտնձգութիւննե­րուն պատճա­ռով։

Վիգէն Յովսէ­փեան

Ամեն ընտրություն իր հետև­անքն ունի: Շատ կարև­որ է, որպեսզի ամեն անգամ ընտրություն կատա­րե­լիս մենք առա­վել սթափ ու հասկա­նա­լի պատկե­րացնենք, թե ինչ է լինե­լու հարցին այո կամ ոչ պատասխա­նե­լու դեպքում: Հատկա­պես երբ հարցը վերա­բերվում է թուրքե­րի հետ հարա­բե­րություննե­րի հաստա­տե­լուն:

Հասկա­նա­լի է, որ հայ-թուրքա­կան հարա­բե­րություն ասվա­ծը խիստ անո­րոշ և հաճախ անընդունե­լի է մեզ համար՝ հաշվի առնե­լով, թե ինչպի­սինն են եղել դրանք վերջին մի քանի հարյուր տարում: Թերևս մենք ավե­լի պատրաստված լինեինք այդ հարա­բե­րություննե­րին և ավե­լի պարզ ու սթափ գնա­հա­տեինք իրա­վի­ճա­կը, եթե 1991թ. սկսած մենք մեր ձեռքով չքանդեինք Հայաստա­նը; Մենք կարող էինք ունե­նալ պետություն, որը ուժեղ դիրքից կոպիտ կխո­սեր Թուրքիա­յի հետ, այլ ոչ թե այդ հարա­բե­րություննե­րը դառնա­յին այսքան ծանր ու ծամծմված մի երև­ույթ:

«Շտապ որո­շում կայացնե­լը նման է խակ մրգի, իսկ հայե­րը խակ միրգ շատ են սիրում»,- ասել է Հայկ Խաչատրյանն իր «Արտա­վազդ» պատմա­վե­պում:

Մենք ստիպված ենք համա­ձայնվել այս ամե­նի հետ, քանի որ անընդհատ մեր շտա­պո­ղա­կա­նության և անհե­ռա­տե­սության պատճա­ռով նորից ու նորից կորցնում ենք ամե­նա­թանկ ժամա­նա­կը:

Հազա­րամյակն անզոր է հետ բերել մեկ ժամում կորցրա­ծը, իսկ մենք հիմա շարունա­կում ենք կորցնել ժամեր, որ մեզ վրա հետ տասնամյակներ են նստե­լու:

Իսկ կարո՞ղ ենք գոնե մեկ անգամ մի կողմ դնել մեր կարճա­տե­սի ակնոցն ու աշխարհին նայել պետա­կա­նա­մետ մարդու լրջությամբ։

Առա­ջարկում ենք ծանո­թա­նալ այս գրառմա­նը, որում խոսվում է հայ-թուրքա­կան  հարա­բե­րություննե­րի և դրան ածանցվող երև­ույթնե­րի և ինչու չէ, մեր բարդույթնե­րի մասին:

Գրա­ռումն ամբողջությամբ՝ ստո­րեւ

Հայաստա­նի եւ Թուրքիոյ միջեւ ծրագրուած երկխօ­սութեան մասին յայտա­րա­րութիւններ եւ վերլուծումներ են ամէն կողմ: Կարե­լի չէ այս կարեւո­րա­գոյն հանգրուա­նին, ու այս կարեւո­րա­գոյն նիւթին եւ սպա­սուող եղե­լութիւննե­րուն մասին որոշ մտո­րումներ եւ կարծիքներ չունե­նալ, հակա­ռակ այն իրո­ղութեան որ շատ մը մանրա­մասնութիւններ կը պակսին մեզի՝ մանրա­մասնութիւններ, ի դէպ, որոնք կարեւոր են լիարժէք կարծիք ու կեցուածք կազմե­լու եւ ճշդե­լու համար, եւ որոնց մասին ՀՀ իշխա­նութիւննե­րու կողմէ բացատրութիւննե­րու չգո­յութիւնը անհանգստութեան եւ մինչեւ իսկ կասկածնե­րու կ՚’առաջնորդեն։

Ոեւէ հայ անհատ, իրա­կա­նութիւննե­րէ եւ քաղա­քա­կան գործընթացնե­րէ ընդհանրա­պէս կտրուած պէտք է ըլլայ որպէսզի Թուրքիոյ հետ երկխօ­սութեան միանշա­նակ կերպով հակա­ռա­կի։ Եթէ գտնուած են քաղա­քա­կան ուժեր եւ գործիչներ, որոնք անցեա­լին վերա­պա­հութիւն ունե­ցած են նման երկխօ­սութեան հանդէպ, իրենց դիրքո­րո­շումը հիմնած են ոչ թէ ըստ էութեան երկխօ­սութիւն ունե­նա­լու հետ, այլ Թուրքիոյ կողմէ առա­ջադրուած անընդունե­լի նախա­պայմաննե­րուն, ինչպէս նաեւ այդ նախա­պայմաննե­րուն վրայ գծագրուող երկխօ­սութեան օրա­կարգին ուղղութեամբ։ Վստահ եմ որ այսօր ալ տարբեր չէ պարա­գան։

Սկսինք հաստա­տե­լով թէ մեզ բոլո­րիս համար պարզ է թէ այս երկխօ­սութիւնը քաջա­լե­րող որեւէ գերպե­տութիւն, իր առաջնա­հերթութիւննե­րուն մէջ չունի Հայաստա­նի կամ հայութեան շահե­րը։ Բնա­կան է որ իրենք իրենց սեփա­կան շահե­րէն թելադրուած է որ պիտի քաջա­լե­րեն Հայաստա­նի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօ­սութիւնը եւ մինչեւ անգամ բնա­կա­նոն յարա­բե­րութիւննե­րու զարգա­ցումը։ Այս իմաստով, անշուշտ որ ակնե­րեւ է թէ նման երկխօ­սութեան օրա­կարգ առաջ կը քաշուի միշտ այն պահին երբ Հայաստա­նը խոցե­լի վիճա­կի մէջ կը գտնուի։ 2008-ին, Սերժ Սարգսյա­նը հազիւ դուրս եկած էր Մարտ 1‑ով բնութագրուող ներքին իրա­դարձութիւննե­րէն, եւ օդի ու ջրի նման կարի­քը ունէր միջազգա­յին նեցուկի՝ յատկա­պէս Արեւմուտքի հետ բարե­կա­մա­կան կապե­րու, երբ այս վերջի­նը կը նկա­տուէր ներքին ընդդի­մութեան մօտի­կը կամ մինչեւ իսկ հովա­նաւո­րը։ Սերժ Սարգսյա­նի համար հնարքը Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւննե­րու պատրաստա­կա­մութիւնն էր, երբ ան յընթացս ընդունեց Թուրքիոյ որոշ նախա­պայմաննե­րը, որոնք խնդրոյ առարկայ կը դարձնէին մեր ազգա­յին օրա­կարգի որոշ երեսներ, յատկա­պէս Հայոց Ցեղասպա­նութեան փաստը քննարկման մէջ դնող օրա­կարգը, եւ այդ ժամա­նակ ակա­նա­տես եղանք թէ ինչպէս արմա­տա­կան ընդդի­մութիւնը առաջնորդող Լեւոն Տէր Պետրո­սեա­նը մինչեւ իսկ յայտա­րա­րեց գործունէութեան դադար՝  չխո­չընդո­տե­լու համար ընթա­ցող բանակցութիւննե­րը։

Ներկա­յիս, ՀՀ իշխա­նութիւննե­րը անգամ մը եւս կը գտնուին յարա­բե­րա­բար տկար դիրքե­րու վրայ, մասնաւո­րա­բար Արցա­խեան 44-օրեայ պատե­րազմի մէջ Հայաստա­նի կրած պարտութեան հետեւանքով, ինչպէս նաեւ ՀՀ‑ի սահմաննե­րուն վրայ շարունա­կուող եւ ճգնա­ժա­մը խորացնող Ատրպէ­ճա­նա­կան ոտնձգութիւննե­րուն պատճա­ռով։ Առ այդ, պարզ է եւ ակնկա­լե­լի, որ իշխա­նութիւննե­րը շահագրգրուած ըլլան դիւա­նա­գի­տա­կան ինչ որ «յաջո­ղութիւն» ձեռք ձգե­լու առումով, մանաւանդ եթէ այս գործընթացնե­րուն կապուած են խոստումներ, առա­ջարկներ, օժանդա­կութիւններ։

Ի տարբե­րութիւն 2008–2009ի տիրող իրադրութեանց, այսօ­րուան միակ դրա­կան երեւոյթը — եթէ կարե­լի է այսպէս գնա­հա­տել — այն իրո­ղութիւնն է որ տնտե­սա­պէս ջախջա­խուող Թուրքիան, իր վրայ կը զգայ ԱՄՆի հետ վատթա­րա­ցած յարա­բե­րութիւննե­րու հետեւանքնե­րը, եւ անմի­ջա­կան կարի­քը ունի միջազգա­յին բեմի վրայ իր համար դրա­կան տեղա­շարժե­րու, դրա­կան քարոզչութեան։ Այս իմաստով, եւ իր վրայ ունե­ցած պարտադրանքնե­րուն պատճա­ռով, կրնայ ըլլալ որ նախնա­կան փուլե­րու ընթացքին Թուրքիան ցոյց տայ ճկունութիւն, ու անհե­թեթ նախա­պայմաննե­րով հանդէս չգայ, բայց պէտք է միա­միտ ըլլալ համո­զուե­լու համար, թէ ան իրեն յատուկ գոռո­զութեամբ եւ ակրե­սիւութեամբ (հաւա­նա­բար նաեւ Ատրպէ­ճա­նի ճնշման տակ) շատ շուտով նոր նախա­պայմաններ եւ սպառնա­լիքներ առաջ պիտի չքա­շէ։

ՀՀ իշխա­նութիւննե­րը լաւ պէտք է հասկնան թէ կամայ-ակա­մայ, իրենք այսօր կոչուած են հայ ազգի համընդհա­նուր շահե­րը պաշտպա­նե­լու։ Ճիշդ է որ Հայաստա­նի ոեւէ պաշտօ­նա­տար կամ կառա­վա­րութիւն ընտրուած է առաւե­լա­բար հետապնդե­լու ՀՀ քաղա­քա­ցի­նե­րու շահե­րը, բայց հայկա­կան իրա­կա­նութեան մէջ կան հարցեր եւ բնա­գաւառներ ուր կարե­լի չէ բաժնել Հայաստա­նի եւ սփիւռքա­հա­յութեան շահե­րը, հակա­ռակ այն իրո­ղութեան որ ՀՀ իշխա­նութիւննե­րը ըստ էութեան չեն ստա­ցած սփիւռքա­հա­յութեան մանտա­դը։ Թուրքիոյ նման դարաւոր թշնա­միի եւ ոճրա­գործ պետութեան հետ յարա­բե­րութիւննե­րու հարցը համազգա­յին կարեւո­րութեան խնդիր է, ազգա­յին շահե­րու խնդիր է։ Եւ ուրեմն, կարե­լի չէ սխա­լիլ, համո­զուե­լու թէ ՀՀ իշխա­նութիւննե­րը, յատկա­պէս այս ծիրին մէջ, կրնան պաշտպա­նել միայն Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան քաղա­քա­ցի­նե­րու շահե­րը՝ վերա­կենդա­նացնե­լով այն ապսուրտ համո­զումը, թէ հայութեան պարա­գա­յին կրնայ գոյութիւն ունե­նալ պետա­կան եւ ազգա­յին շահե­րու միջեւ տարանջա­տում, երկուութիւն, կամ աւե­լի վատը՝ հակադրութիւն։ Եթէ նման համո­զումի անհե­թե­թութիւնն ու վտանգը լիո­վին պարզ չէր 1990-ականնե­րու իշխա­նաւորնե­րուն, ապա ուրեմն վերջին երեք տասնա­մեակնե­րու մեր պատմութեան գլխաւոր դասը պէտք է եղած ըլլայ այն, թէ Հայաստա­նի պետա­կան շահե­րը խարսխուած են հայ ազգա­յին շահե­րու վրայ, եւ հայ ազգա­յին շահե­րը խարսխուած են նոյն ՀՀ պետա­կան շահե­րը պաշտպա­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նին վրայ։ Այսպէս փաստե­ցին եղե­լութիւննե­րը, այսպէս փաստե­ցին մեր թշնա­մի­նե­րու առած քայլե­րը, այսպէս կը թելադրեն նաեւ հայ ազգի եւ Հայաստան աշխարհի ռազմա­վա­րա­կան առա­ջադրանքնե­րը։

Կը մնայ ակնկա­լել եւ պահանջել որ ՀՀ իշխա­նութիւննե­րը չսխա­լին իրենց առաջնա­հերթութիւննե­րը կազմե­լու ընթացքին, յատկա­պէս Հայաստան-Թուրքիա խօսակցութիւննե­րուն մէջ իրենց ընթացքը ճշդե­լու ժամա­նակ։ Այստեղ ու յատկա­պէս այս համազգա­յին օրա­կարգի դաշտէն ներս սխա­լե­լու եւ փորձա­ռա­կան քայլեր առնե­լու տեղը չէ։ Կան ժամա­նա­կաւոր կամ մակե­րե­սա­յին «յաջո­ղութիւններ», որոնք կրնան վերջին հաշուով աւե­լի վնա­սա­կար ըլլալ, ու խորքա­յին աւե­լի մեծ հարուած հասցնել ազգին, քան որեւէ պարտութիւն կամ ձախո­ղութիւն։

Հայաստա­նը թշնա­միին դէմ մղուած ճակա­մարտի մը ընթացքին պարտութիւն կրեց։ Պէտք է վստահ ըլլալ որ ճակա­տա­մարտի պարտութիւնը աւե­լի մեծ եւ ընդհա­նուր պատե­րազմին մէջ մեզ պարտութեան չ՚առաջնորդէ, ինչ որ կրնայ իրա­կա­նա­նալ միայն եթէ ազգի շահե­րը ոտնա­տակ ըլլան չկշռա­դա­տուած քայլե­րով։ Այս իմաստով ՀՀ իշխա­նութիւննե­րը պէտք է հասկնան թէ Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւննե­րու կամ յարա­բե­րութիւննե­րու բարդ կնճի­ռը այն նիւթն է որուն շուրջ կարե­լի չէ լռութեան պատ բարձրացնել եւ որուն մասին շատ արա­գօ­րէն պէտք է լուսա­բա­նեն հայ ժողո­վուրդին — ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի‑, եթէ նկա­տի ունե­նան հարցի տարո­ղութիւնը ու պահի լրջութիւնը։

ՀՀ իշխա­նութիւննե­րը պարտին շատ արագ պարզել իրենց մօտե­ցումնե­րը բոլո­րիս, եւ պարտին խօսակցութիւննե­րու մէջ մտնել հայ ազգը կազմաւո­րող զանա­զան շերտե­րու հետ՝ յատկա­պէս նաեւ սփիւռքա­հա­յութեան հետ, նոյնիսկ եթէ երբեմն նման խօսակցութիւննե­րը բարդ կամ անհանգիստ կացութիւննե­րու տեղիք պիտի տան։ Երբ խնդի­րը Թուրքիոյ կը վերա­բե­րի, ազգա­յին ճակա­տը փխրուն չի կրնար մնալ, մանաւանդ ստեղծուած անո­րո­շութեան եւ առաջնա­հերթութիւննե­րու գծով ստեղծուած մթնո­լորտի մէջ, եւ մանաւանդ երբ խօսա­կի­ցը շփո­թի եւ անո­րո­շութիւննե­րու մէջ կարե­լիութիւններ պիտի գտնէ։

Այս ուղղութեամբ որեւէ ուշա­ցում, խաղ, կամ վրի­պում մեզ լաւ տեղ չի կրնար առաջնորդել, եւ այստեղ բացթո­ղումնե­րու պատասխա­նատւութիւնը այլեւս թշնա­միին կարե­լի չէ վերագրել։

Գրությունը վերցված է Վիգեն Հովսեփյան ի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ