27.3 C
Yerevan

Նոր Սկիզբ

Մեր մեծ պարտա­կա­նութիւնը այսօր սփիւռքի մէջ մեր «ամբողջա­կան մշա­կոյթը» պահելն է: Ոչ միայն պահե­լը, այլ նաեւ‘ զայն ամրացնե­լը եւ զօրացնե­լը: Պահե­լու, ամրացնե­լու եւ զօրացնե­լու համար կայ աշխա­տանքա­յին ենթա­հո­ղի պատրաստութիւնը:

Դոկտ. Հրայր Ճէպէ­ճեան

«Սփիւռքի վերա­կազմա­կերպումը բարդ ու երկա­րա­շունչ ծրա­գիր է: Նման հսկա­յա­ծաւալ ծրագրի մը իրա­գործումը կ՛ենթադրէ հաւա­քա­կան հաւատք ու նուի­րում… Սա կը նշա­նա­կէ, թէ այս հռչա­կագրին բովանդա­կութիւնը հաւա­քա­կան աշխա­տանք կ՛ենթադրէ»:

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Մեծի Տանն Կիլի­կիոյ Արամ Ա. վեհա­փառ հայրա­պե­տը 2022 տարին հռչա­կեց «Սփիւռքի տարի»: 2003 թուա­կա­նէն սկսեալ կաթո­ղի­կո­սը իւրա­քանչիւր տարի կկեդրո­նա­նայ մեզ յուզող եւ տագնա­պեցնող իրա­կա­նութեան մը վրայ եւ մեր բոլո­րին ուշադրութեան կը հրաւի­րէ այդ նիւթին վրայ: Բայց երեւի «Սփիւռքի տարի»-ն ունե­ցաւ եւ պիտի ունե­նայ տարբեր ուշադրութիւն: Այս ուշադրութիւնը սկսած է ստեղծել մեծ հետաքրքրութիւն եւ խանդա­վա­ռութիւն, ինչ որ երեւի պիտի ուղղէ մեզ բոլորս աւե­լի խոր, իմաստուն եւ հաւա­քա­կան զգաստութեան‘ մեր ազգա­յին եւ գաղութա­յին կեանքե­րը կազմա­կերպե­լու համար:

Վեհա­փառ հայրա­պե­տը կ՛ըսէ. «Նման հռչա­կում մը կատա­րե­լու լուրջ պատճառներ ունէի, որովհե­տեւ սփիւռքը սկսած է ծաւա­լիլ ու տարա­ծուիլ: Հայութեան ջախջա­խիչ մեծա­մասնութիւնը սփիւռքի մէջ է: Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունա­թա­փիլ: Սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ ինքն իր նկատմամբ, յուսա­խաբ ըլլալ Հայաստա­նի նկատմամբ, յատկա­պէս‘ վերջին քանի մը տարի­նե­րուն, Արցա­խի պատե­րազմէն ետք»: Վեհա­փառ հայրա­պե­տը իրա­վի­ճակնե­րը կը կարդայ շատ յստակ, իրա­պաշտ եւ գործնա­կան տուեալնե­րէ մեկնե­լով:

Չուշա­ցաւ մտայղա­ցումը «Սփիւռքի տարի»-ի:

Երկար տարի­նե­րու վրայ երկա­րած աշխա­տանքա­յին ճամբորդութիւննե­րուս ընթացքին առի­թը ունե­ցած եմ ծանօ­թա­նա­լու հայկա­կան գաղութնե­րու‘ աշխարհով մէկ: Հոն կրցայ տեսնել սփիւռքա­հայ «գունաւոր» եւ «տարբեր» իրա­կա­նութիւններ, որոնք բոլո­րը քով քովի բերե­լով‘ տեսայ սփիւռքա­հայ մեր իրա­կա­նութեան մէկ մեծ խճանկա­րը իր տարբեր երանգնե­րով‘ հայ ենք, բայց տարբեր ենք: Այս իրա­կա­նութե­նէն մեկնե­լով‘ արժէ քննարկել սփիւռքա­հայ իրա­կա­նութեան տարբեր տուեալնե­րը:

Եթէ մէկ կողմէ «ներկայ սփիւռքը աւանդա­կան, խորհրդա­յին ու հայաստա­նեան սփիւռքե­րու աններդաշնակ խառնուրդ մըն է» (Արամ Ա. կաթո­ղի­կոս), բայց եւ այնպէս իւրա­քանչիւր «խառնուրդ» ինք իր պիտա­կը ունի. «Սփիւռքա­հա­յը ինքզինք այլեւս գաղթա­կան եւ օտար չի նկա­տեր, ան իր ապրած երկրին լիի­րաւ քաղա­քա­ցին է‘ միա­ձուլուած միջա­վայրին ու շախա­ղուած տեղւոյն մշա­կոյթին հետ» (Արամ Ա. կաթո­ղի­կոս): Այս տեղա­կան մշա­կոյթին հետ շաղա­խուի­լը իւրա­քանչիւր սփիւռքա­հա­յը կը դարձնէ իւրա­յա­տուկ եւ տարբեր միւս սփիւռքա­հա­յէն: Իւրա­քանչիւր երկրի մէջ ծնած սփիւռքա­հա­յը, որ այդ երկրին քաղա­քա­ցին է, նաեւ կը ստա­նայ նոյն երկրին մշա­կոյթը, կենցաղն ու ինքնութիւնը եւ կը զուգորդէ զանոնք իր հայկա­կա­նին հետ: Յառաջ կու գայ կաթո­ղի­կո­սին հարցումը. «Ի՞նչ կը նշա­նա­կէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ»: Հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ չի նշա­նա­կեր նոյնանման եւ նոյնա­տիպ ըլլալ: Այդ մէկը իրա­կա­նութիւն ըլլա­լէ շատ հեռու է: Պիտի տեսնենք, որ հայ ենք բոլորս, բայց տարբեր ենք:

Տարբե­րութիւննե­րը, սակայն, պէտք չէ մեզ վախցնեն կամ մտա­հո­գեն: Տարբե­րութիւննե­րը, եթէ կարե­նանք տեսնել որպէս պատե­հութիւն, կրնանք վերա­ծել ազգա­յին մեծ ուժի:

Տարբեր սփիւռքա­հա­յե­րը միացնող օղա­կը‘ «Լեզուն, հայրե­նի­քը, կրօ­նը, աւանդութիւննե­րը, պատմա­կան վճռո­րոշ դէպքե­րը, պահանջա­տի­րութիւնը մէկ ազգի պատկա­նե­լիութեան ամուր յենա­րաններն են», կ՛ըսէ վեհա­փառ հայրա­պե­տը: Ամփո­փե­լով այս տուեալնե­րը‘ մէջտեղ կու գայ հայուն «ամբողջա­կան մշա­կոյթ» հասկա­ցո­ղութիւնը, որ կը դառնայ սփիւռքա­հայ տարբե­րութիւննե­րը միացնող կռուա­նը: Մեր մեծ պարտա­կա­նութիւնը այսօր սփիւռքի մէջ մեր «ամբողջա­կան մշա­կոյթը» պահելն է: Ոչ միայն պահե­լը, այլ նաեւ‘ զայն ամրացնե­լը եւ զօրացնե­լը: Պահե­լու, ամրացնե­լու եւ զօրացնե­լու համար կայ աշխա­տանքա­յին ենթա­հո­ղի պատրաստութիւնը. «Մեր կառոյցնե­րուն կողքին, մեր մտա­ծե­լա­կերպերն ու գործե­լա­կերպե­րը պէտք է վերա­կազմա­կերպել ու վերա­կենսաւո­րել» (Արամ Ա. կաթո­ղի­կոս):

Եթէ հայութիւնը եւ հայա­պահպա­նումը Հայաստան-Արցախ առանցքին մէջ ունի իր իւրա­յատկութիւննե­րը, բայց նոյնքան եւ աւե­լի‘ սփիւռքի պարա­գա­յին: Աշխարհա­քա­ղա­քա­կան, ընկե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ ապա­հո­վա­կան տուեալներ ու իրա­վի­ճակներ կրնան փոխել ու նոյնիսկ յեղաշրջել գաղութի կամ գաղութե­րու կարգա­վի­ճակնե­րը: Կան ճնշող տուեալներ, որոնց համա­ձայն, գաղութի մը թիւե­րը կրնան զգա­լի նուա­զումներ արձա­նագրել, նաեւ‘ անոր կարո­ղա­կա­նութիւննե­րը: Բայց կը մնան սփիւռքը պահե­լու իրա­կա­նութիւնը եւ մարտահրաւէ­րը:

Ասոր ուղղա­կիօ­րէն առնչուած է հայա­պահպա­նումը: Հայա­պահպա­նումը, որ պիտի մնայ ու պիտի շարունա­կուի‘ որպէս ազգա­յին մեծ եւ իրա­գործե­լի առա­քե­լութիւն մը: Այս է պատմութեան փորձը ոչ միայն հայուն համար, բայց նաեւ‘ ուրիշ ազգութիւննե­րու համար ալ, որոնք նոյնանման սփիւռքեան կարգա­վի­ճակներ ունին: Արժէ նաեւ սորվիլ ուրիշնե­րէն, թէ ինչպէ՛ս իրենց սփիւռքեան իրա­կա­նութիւննե­րուն մէջ կը պահեն իրենց ինքնութիւնը եւ կը կամրջեն իրենց կարո­ղա­կա­նութիւննե­րը իրենց հայրե­նի­քին հետ: Հայը մինա­կը չէ այս իրա­վի­ճա­կին մէջ: Հայուն սփիւռքեան գաղութնե­րու կազմաւո­րումը ունի իր պատմա­կան իւրա­յատկութիւննե­րը‘ ընդգծե­լով Ցեղասպա­նութեան իրա­կա­նութիւնը, բայց տակաւին առկայ է տարբեր ազգե­րու եւ իրենց պայմաննե­րուն մէջ սփիւռքի գաղթօ­ճախներ ապրե­լու փորձը: Այս բոլոր տուեալնե­րէն մեկնե­լով‘ պիտի տեսնենք, որ հայն ալ ունե­ցած է, ունի եւ երեւի պիտի շարունա­կէ իր սփիւռք(ներ)ով ապրիլ եւ պիտի պահէ իր տեսլա­կա­նը հայա­պահպա­նումի մեծ առա­քե­լութեան մէջէն:

Տարբե­րութիւննե­րը ուժ են եւ կրնան լաւա­պէս ներմուծուիլ հաւա­քա­կան շահե­րուն մէջ, եթէ կարե­լի ըլլայ ճիշդ ձեւով համադրել, որովհե­տեւ‘ «Սփիւռքը ունի մշա­կութա­յին, հոգեւոր, տնտե­սա­կան, մասնա­գի­տա­կան, յարա­բե­րա­կան թէ փորձա­ռա­կան հսկայ ներուժ» (Արամ Ա. վեհա­փառ): Իւրա­քանչիւր սփիւռքա­հայ այս ներուժը կը ստա­նայ նաեւ իր ապրած երկրին մէջ ծնած ու ապրած կեանքին հսկա­յա­կան փորձա­ռութե­նէն: Կեանքի փորձա­ռութիւնը մասնա­գի­տա­կան կարո­ղա­կա­նութեան հետ կը դառնայ մէկ մեծ ներուժ: Իւրա­քանչիւր սփիւռքա­հայ մասնա­գէտ է եւ իր մասնա­գի­տութեամբ կը հանդի­սա­նայ ուժ, որուն վրայ կու գայ աւելնա­լու նոյն մասնա­գէ­տին ապրած երկրին եւ հոն անոր ձեռք բերած փորձա­ռութիւնը, ինչ որ աւե­լիով կրնայ նպաստել հայկա­կան ընդհանրա­կան ներուժին: Իւրա­քանչիւր սփիւռքա­հայ ոչ միայն իր մասնա­գի­տութեամբ կը դառնայ հայկա­կան ուժ, այլ նաեւ իրեն հետ կը բերէ իր ապրած երկրին փորձն ու փորձա­ռութիւնը: Այս բոլո­րը կրնան ստեղծել համա­հայկա­կան մասնա­գի­տա­կան մէկ մեծ մարդուժ-ներուժ, որ լեցուն է ոչ միայն մտա­յին կարո­ղութիւննե­րով, այլ նաեւ‘ տարբեր փորձա­ռութեամբ ու աշխարհի տարբեր երկիրնե­րու մէջ ապրե­լով ձեռք բերուած հմտութեամբ: Այս մարդուժ-ներուժը դրա­մագլուխ է, որ կը նպաստէ հայուն եւ հայրե­նի­քին վերելքին եւ գոյա­տեւումին:

Սփիւռքը կարի­քը ունի «Վերա­նո­րո­գումի, վերա­կենսաւո­րումի, վերաշխուժա­ցումի, այլ խօսքով, անհրա­ժեշտութեան պարա­գա­յին, փոփո­խութեան… բայց այս բոլո­րը ինքնանպա­տակ չեն», (Արամ Ա. հայրա­պետ): Եթէ հայա­պահպա­նումը գլխաւոր գրաւա­կան է, բայց կայ աւե­լին‘ «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք երա­միասնութիւնն է… հայ ժողո­վուրդը իր երեք թեւե­րով‘ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք բազմա­թիւ ու բազմա­տե­սակ մարտահրաւէրներ ու վտանգներ կը դիմագրաւէ»: Այս վտանգնե­րը եւ մարտահրաւէրնե­րը դիմագրաւե­լու համար անհրա­ժեշտ է, որ վերստեղծենք հայկա­կան ուժը: Հայկա­կան ուժին հիմքն ու նպա­տա­կա­կէ­տը. «հզօր Հայաստան-հզօր սփիւռք» տեսլա­կա­նին մէջ է, ըստ վեհա­փառ հօր: Հզօր սփիւռք ունե­նա­լու համար անհրա­ժեշտ է, որ սփիւռքա­հա­յերս մեր տուն(եր)ը վերա­կազմա­կերպենք: Մեր տունե­րու վերա­կազմա­կերպումը մէկ կողմէ սփիւռքա­հայ իրա­կա­նութիւնը ամրապնդե­լու համար, բայց անպայմա­նօ­րէն աւե­լիով ամրագրե­լու եւ ամրապնդե­լու Հայաստա­նի ու Արցա­խի հետ եռա­միասնութիւնը:

Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռա­միասնութեան հաղորդակցութեան, յարա­բե­րութեան եւ գործակցութեան օղակնե­րը այսօր թոյլցած են, եւ նոյնիսկ կը յանդգնինք, ըսել, որ փլած են: Անհրա­ժեշտ է կառուցո­ղա­կան աշխա­տանք տանիլ այս օղակնե­րը վերա­շի­նե­լու համար: Վեհա­փառ հայրա­պե­տը իր ծրագրի ռազմա­վա­րութեան մէջ անհրա­ժեշտ կը նկա­տէ սփիւռքին համար մշա­կել «հայա­կեդրոն» մտա­ծո­ղութիւն, որ «հայաստա­նանպա­տակ» ըլլայ եւ ոչ‘ «հայաստա­նա­կեդրոն»: Պիտի յանդգնինք ըսե­լու, որ այս ռազմա­վա­րութիւնը նոյնքան իրա­կան պէտք է դառնայ Հայաստա­նի եւ Արցա­խի համար: Հայրե­նի պետա­կա­նութիւնը պէտք է տեսնէ, որ իր գոյա­տեւումին մէջ անհրա­ժեշտ է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռա­միասնութիւնը: Հայրե­նի պետա­կա­նութիւնը պիտի գիտակցի, որ իր գոյա­տեւումին եւ տնտե­սա­կան բարգաւա­ճումին մէջ այս մարդուժ-ներուժին համադրումին եւ հաղորդակցութեան մէջ է: Եթէ Հայաստան եւ Արցախ սփիւռքա­հա­յուն ազգա­յին հպարտութեան ու հայա­պահպա­նումի ամրապնդման յենա­րա­նը, եւ այդպէս է, բայց նոյնքան նաեւ Հայաստա­նը պէտք է տեսնէ, որ իր պետա­կա­նութեան համար զօրաւոր խարիսխ է նաեւ սփիւռքը. «Սփիւռքը բաժնե­կից է Հայաստա­նի հզօ­րացման, նոյնիսկ կառա­վարման որոշ իմաստով» (Արամ Ա. վեհա­փառ հայրա­պետ): Սփիւռքը ունի հսկայ ներուժ, որմէ Հայաստան-Արցախ մեծա­պէս կրնան օգտուիլ:

Հայաստա­նի եւ Արցա­խի ներկայ օրե­րու ապրած ճգնա­ժա­մե­րը կը ստի­պեն, որ հայրե­նի պետա­կա­նութիւնը տեսնէ, թէ պէտք է մշա­կէ հայա­կեդրոն ռազմա­վա­րութիւն մը‘ կարե­նալ թիա­վա­րե­լու համար այս ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծին մէջ: Սփիւռքը ունի այս կարո­ղա­կա­նութիւնը եւ կրնայ զայն ներմուծել հայրե­նի­քին պետա­կա­նա­շի­նութեան հսկա­յա­կան աշխա­տանքին մէջ:

Եւ վեհա­փառ հայրա­պետ կը դնէ աշխա­տանքա­յին ծրա­գի­րը: Ան կ՛ընդգծէ «Մթնո­լորտի պատրաստութիւնը» որպէս հիմք, ուր իւրա­քանչիւր գաղութ կամ կառոյց ինք իր մէջ պարտի նախա­ձեռնե­լու իր վերա­կազմա­կերպումը, եւ անպայմա­նօ­րէն կարգը կու գայ գործադրումի:

Այս բոլո­րը, սակայն, կարե­լի չէ յաջողցնել, եթէ չունինք. «հաւա­քա­կան հաւատքը, նուի­րումը եւ աշխա­տանքը» (Արամ Ա.): Հոն, ուր հայը‘ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք, իր համայնքնե­րով, կուսակցութիւննե­րով եւ միութիւննե­րով հաւա­տայ եւ տեսնէ, որ հայուն ուժը իր հաւա­քա­կան կամքին եւ անոր դրսեւո­րումին մէջ է: Եռա­միասնութիւնը լաւա­պէս կրնայ յաջո­ղիլ, եթէ անոր հասա­րակ յայտա­րա­րը մէկտե­ղենք հաւա­քա­կան այս ուժի եւ անոր հասկա­ցո­ղութեան վրայ: Հաւա­քա­կան այս ուժն է, որ հայուն մէջ պիտի ստեղծէ հաւատք‘ իր կեանքը ապրե­լու, նուի­րում‘ ազգա­յին ինքնութեան եւ մշա­կոյթին, եւ աշխա­տանք‘ հայրենքը եւ սփիւռքը վերա­շի­նե­լու:

«Սփիւռքի տարի»:

Վեհա­փառ հայրա­պե­տը մեզ կը հրաւի­րէ վերա­կազմա­կերպե­լու եւ վերաշնչաւո­րե­լու մեր ազգա­յին ու հաւա­քա­կան կեանքե­րը: Այս իմաստով վեհա­փառ հայրա­պե­տը ազդանշա­նը կու տայ նոր ու նորո­գուած սկիզբի մը: Նոր սկիզբ մը վերա­կերտե­լու հայա­կեդրոն Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք:

Այս նոր ու նորո­գուած սկիզբի երթին բոլորս պարտինք հաւա­տալ: Հաւա­տալ հաւա­քա­կան հաւատքին, նուի­րումին եւ աշխա­տանքին: Այս հաւա­քա­կան հաւատքը, նուի­րումը եւ աշխա­տանքը հայուն կեանքը պիտի նպաստէ պատմութեան շարունա­կա­կա­նութեան ամուր երթին:

Քուէյթ, 26 յունուար 2022

Գրա­ռումը վերցված է Ayk Page ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ