16.9 C
Yerevan

Աղանդաւո­րա­կան Հոգե­բա­նութիւնը

Նեղմիտ ղեկա­վարներ եւ անդամներ դարձած են աւե­լի ու աւե­լի նուազ հմուտ՝ վեր կանգնե­լու քաղա­քա­կան, գաղա­փա­րա­կան, կազմա­կերպա­կան, կրօ­նա­կան կողմնա­կա­լութե­նէ, լսե­լու տարբեր տեսա­կէտներ եւ հասնե­լու լուծումի:

Յարութ Մկրտի­չեան

«Շատ աղանդներ բարձրասլաց տեսլա­կաննե­րով ճամբայ կ՛ելլեն, սակայն կ՛աղաւաղուին իրենց ղեկա­վարնե­րուն կամ խորհրդա­կաննե­րուն կողմէ, որոնք կը ջանան աղանդի անդամնե­րուն վրայ ամբողջա­կան տիրա­պե­տութիւն հաստա­տել։ Օրի­նա­կե­լի տեսլա­կաննե­րով կազմուած ոչ մէկ խմբաւո­րում ճամբայ կ՛ելլէ իբրեւ «աղանդ», այլ անոր կը վերա­ծուի, երբ իր մոլո­րեալ ընթացքը կը բացա­յայտուի»։

Ֆիլիփ Զիմպարտօ

Շատե­րուս համար աղանդ բառի նշա­նա­կութիւնը կապուած է միայն կրօ­նա­կան խմբաւո­րումնե­րու հետ: Իրա­կա­նութեան մէջ աղանդնե­րը կրնան ըլլալ նաեւ քաղա­քա­կան, ընկե­րա­յին, մշա­կութա­յին, զինեալ, եւայլն: Կան նաեւ այսպէս կոչուած ներքին աղանդներ, որոնք կը գոյա­նան խմբաւո­րումի մը մէջ ստեղծե­լով երկուութիւն: Օրի­նակ, կազմա­կերպութիւն մը կրնայ երկար տարի­ներ գործել իր իսկ սահմա­նած աւանդնե­րով, եւ յանկարծ իր հունէն դուրս գալով կը վերա­ծուի ծայրա­յե­ղա­կաննե­րու աղանդի:

Ոեւէ մէկը կամաւոր չի միա­նար աղանդի մը. միա­ցողնե­րը պարզա­պէս կը նորագրուին (recruit) իրենց փոխանցուող սուտ եւ ոչ ամբողջա­կան տեղե­կութիւննե­րով: Գիտա­կան հետա­զօ­տութիւնը ցոյց տուած է, որ բոլոր աղանդաւորնե­րը ունին խոցե­լի կողմեր, որոնցմէ կարեւո­րա­գոյններն են՝ հիւանդութիւնը (հոգե­կան կամ ֆիզի­քա­կան), հարա­զա­տի կամ սիրե­լիի մը մահը, սիրա­յին յարա­բե­րութեան մը խզումը, ամուսնա­լուծումը, աշխա­տանքի կորուստը, երկրէ մը ուրիշ երկիր տեղա­փո­խուի­լը, ըմբռնե­լու եւ հաղորդակցե­լու անկա­րո­ղութիւնը, թմրե­ցուցի­չի կամ ոգե­լից ըմպե­լի հետ կապուած խնդիրնե­րը, չլուծուած սեռա­կան հարցե­րը, վախն ու սպառնա­լի­քը, զանա­զան տեսա­կի մոլութիւննե­րը, իրա­կա­նութե­նէ կտրուած եւ երեւա­կա­յա­կան աշխարհի մէջ ապրի­լը, մանկութեան ընթացքին ծնողքին կամ ուրիշնե­րու կողմէ ֆիզի­քա­կան, սեռա­յին չարա­շա­հումնե­րը, հոգե­կան ճնշումներն ու նախա­տինքը, եւ վերջա­պէս արմա­տա­կա­նութիւնն ու ինքզինք կամո­վին ծայրա­յե­ղա­կա­նացնե­լը: Այս բոլոր խոցե­լի իրա­վի­ճակնե­րը առիթ կու տան աղանդ «ծախողնե­րուն» (recruiters) յաջո­ղե­լու իրենց առա­քե­լութեան մէջ:

Աղանդնե­րու առաջնորդնե­րը, որոնք նկա­րագրով եսա­կեդրոն, նարկի­զա­կան (narcissist) եւ հետեւա­բար մենա­տէ­րեր կ՛ըլլան, կ՛ուզեն մարդիկ, որոնք հնա­զանդ ըլլան անձնա­պէս իրենց եւ իրենց սահմա­նած կանոննե­րուն: Անոնք միջոցներ կը կիրա­րեն մարդոց «ընտե­լացնե­լու». մարդիկ, որոնք տքնա­ջան եւ երկար ժամեր կ՛աշխատին քիչ կամ առանց վարձատրութեան: Անոնք նաեւ միջոցներ կ՛օգտագործեն հին անդամնե­րու հաւա­տարմութիւնը պահպա­նե­լու եւ նորե­րը ներգրաւե­լու համար:

Մէկ խօսքով, անոնք կամաւոր ստրուկներ կ՛ուզեն։ Ուրեմն, երբ աղանդաւո­րին միտքն ու մտա­ծե­լա­կերպը հակակշռուած է եւ իր դատո­ղութիւնը մշուշա­պա­տուած, ան կրնայ երջա­նիկ թուիլ եւ ամէն ինչ ընել առաջնորդին կամ խումբին շահե­րուն համար: Այսպէս, անդամնե­րուն երջանկութիւնը կը կայա­նայ ղեկա­վա­րին եւ խումբին համար «լաւ» գործունէութեան մէջ, հաւա­տա­լով, որ իրենք ճիշդը կ՛ընեն կամ իրենք գտած են ապրե­լու լաւա­գոյն ձեւը: Բայց այդպէս ապրե­լու համար խիստ հնա­զանդութիւն կը պահանջուի անոնցմէ։ Ուրեմն՝ այս մարդի­կը կ՛ապրին կախեալ իրենց ղեկա­վա­րին քմա­հա­ճոյքէն, միշտ վախի եւ մեղքի զգա­ցումով ու կը մնան խրուած այդ կացութեան մէջ, առանց ելքի:

Բայց որեւէ նոր ազդե­ցութիւն չի ջնջեր մարդու հին ինքնութիւնը, այլ՝ իրա­կա­նութեան մէջ կը ստեղծէ նոր ինքնութիւն՝ ճնշե­լու հինը: Տարբեր տեսա­կի ճնշումնե­րէ ետք նոր ինքնութեան ստեղծումը կը կատա­րուի քայլ առ քայլ՝ պաշտօ­նա­կան ուսուցման նիստե­րու միջո­ցաւ եւ ոչ պաշտօ­նա­կան՝ անդամնե­րու շողո­քորթ խօսքե­րով, ընկե­րա­յին ցանցե­րու վրայ տեսա­նիւթե­րու հրա­պա­րա­կումով: Այս ընթացքին, նաեւ կ՛օգտագործուի վարքա­գի­ծի փոփոխման միջոցներ, ինչպի­սին են՝ պաշտօններ բաժնել, պատժել (օրի­նակ մեկուսացնել կամ վտա­րել), խօսքի եւ գործի ազա­տութիւնը կաշկանդել, եւայլն: Եւ այսպէս նոր ինքնութիւնը կ՛ամրապնդուի, իսկ հին ինքնութիւնը կը ճնշուի:

Տեղին է յիշել, որ աղանդի մը անդա­մակցողնե­րը կրնան ըլլալ երի­տա­սարդներ եւ տարեցներ, առանց սեռի խտրութեան, իսկ ուսման մակարդա­կը անպայմա­նօ­րէն կարեւոր չէ: Օրի­նակ՝ 1997 Մարտ 26ին, Քալիֆորնիոյ Ռենչօ Սանթա Ֆէ քաղա­քին մէջ տեղի ունե­ցաւ հաւա­քա­կան անձնասպա­նութիւն մը։ Աղանդի մը անդամ տարբեր տարի­քի 21 կին եւ 18 տղա­մարդ մահա­ցան, բոլորն ալ ուսա­նողներ կամ համալսա­րաննե­րու դասա­խօսներ:

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՂԱՆԴԱՒՈՐԱԿԱՆ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ

Համաշխարհայնա­ցումին (globalization) պատճա­ռով վերջին երե­սուն եւ աւե­լի տարի­նե­րու ընթացքին, աշխարհի վրայ նկա­տե­լի է ժամա­նա­կին աւե­լի հանդուրժո­ղա­կան վարքա­գիծ ունե­ցող երկիրնե­րու ժողո­վուրդնե­րուն եւ իշխա­նութիւննե­րուն, կուսակցութիւննե­րու, կրօ­նա­կան հաստա­տութիւննե­րու, անդամնե­րու եւ անոնց ղեկա­վարնե­րուն մօտ աղանդաւո­րա­կան մտա­ծե­լա­կերպն ու գործե­լաո­ճը: Այս տեսա­կի մարդիկ սկսած են հաւա­տալ, թէ ան, որ իրենցմէ չէ լաւ մարդ չէ, լաւ կրօ­նա­կան չէ, դաւա­ճան է, եւ այս տեսակ անհիմն եւ երե­խա­յա­կան գաղա­փարնե­րու:

Ուրիշներ քիչ մը աւե­լի լայնցնե­լով իրենց երեւա­կա­յա­կան աշխարհը, սկսած են կարծել եւ հաւա­տալ, որ աշխարհի մարդկութիւնը իր ամբողջութեամբ պարտաւոր է հաւա­տալ եւ անդա­մակցիլ իրենց, կամ նուա­զա­գոյնը համա­կի­րը ըլլալ: Թէ ոչ, տուեալ անձը, կազմա­կերպութիւնը, ժողո­վուրդը, բոլորն ալ դաւա­ճաններ են: Այսինքն, այս տեսակ մարդիկ եւ անոնց ղեկա­վարնե­րը իրաւունք տուած են իրենց որո­շե­լու, թէ որոնք են հայրե­նա­սէրնե­րը կամ դաւա­ճաննե­րը, լաւը կամ գէշը, հրեշտա­կը կամ սատա­նան: Այս տեսակ ախտաւոր մտա­ծե­լա­կերպ միայն կարե­լի է գտնել աղանդաւորնե­րու մօտ:

Հետեւա­բար, կարե­լի է եզրա­կացնել, թէ այս տեսակ կազմա­կերպութիւններ բռնած են աղանդի վերա­ծուե­լու ճամբան:

Ի տես այս երեւոյթին, մեզմէ ոմանք անդա­դար կը բողո­քեն իրենց պատկա­նած երկրին, կազմա­կերպութեան, կրօ­նա­կան հաստա­տութեան, եւ կուսակցութեան ղեկա­վա­րութեան քաղա­քա­կա­նութեան եւ վարքա­գի­ծին հանդէպ, որոնցմէ շատե­րը արդէն հեռա­ցած են աղանդաւորնե­րու խմբաւո­րումնե­րէն, իսկ ուրիշներ կը խուսա­փին այդ մասին որեւէ քննարկումէ:

Նեղմիտ ղեկա­վարներ եւ անդամներ դարձած են աւե­լի ու աւե­լի նուազ հմուտ՝ վեր կանգնե­լու քաղա­քա­կան, գաղա­փա­րա­կան, կազմա­կերպա­կան, կրօ­նա­կան կողմնա­կա­լութե­նէ, լսե­լու տարբեր տեսա­կէտներ եւ հասնե­լու լուծումի:

Դեռ աւե­լի գէշն այն է, որ այդ մարդիկ կարծես սկսած են կորսնցնել հաւատքը ոչ միայն ժողովրդա­վա­րութեան եւ գաղա­փա­րա­խօ­սութեանց, այլ իրա­րու նկատմամբ: Մեծ է թիւը անոնց, որոնք կը զգան, որ ընդհա­նուր տեսլա­կան կերտե­լու եւ մեծ խնդիրներ լուծե­լու իրենց պատկա­նած աղանդին ղեկա­վա­րութեան կարո­ղութիւնը սկսած է չքա­նալ:

Անոնցմէ շատե­րը նաեւ կը տեսնեն իրենց ղեկա­վա­րութեան թերութիւննե­րը եւ յաջորդ սերունդին սպառնա­ցող վտանգնե­րը, բայց չեն մտա­ծեր լուծումնե­րու մասին: Անոնք գիտեն այս նահանջին տուն տուող պատա­ճառնե­րը, սակայն կը նախընտրեն լուռ մնալ: Աւե­լի ցաւա­լին այն է, որ անոնք գիտեն ինչ պէտք է ընել կացութիւնը բարե­լաւե­լու համար, բայց կը նախընտրեն մեղադրել ուրի­շը, յաճախ իրենց իսկ կողմնա­կիցնե­րը, տուեալ հաստա­տութեան կամ գործե­րու ձախո­ղութիւննե­րուն համար: Մէկ խօսքով, իրենց աղանդը եւ անոր ղեկա­վարնե­րը դասել ամէն բանէ վեր:

Ասոնք երեւոյթներ են, որոնք, ինչպէս վերը յիշե­ցինք, կարե­լի է գտնել միայն աղանդնե­րու մէջ:

Դժբախտա­բար, այս վիճա­կէն զերծ չէ մնա­ցած Հայաստանն ու հայութիւնը: Օրի­նակ, նկա­տե­լի է հայաստա­նեան ղեկա­վա­րութեանց եւ անոնց հետեւորդնե­րուն մօտ «եթէ մեզմէ չէ ուրեմն անպէտք է» մտա­ծե­լա­կերպը: Ցայտուն օրի­նակնե­րէն է նաեւ, իմ կուսակցութիւնը՝ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը, որ զերծ չէ մնա­ցած աղանդաւո­րա­կան արհաւիրքէն: Կուսակցութիւն մը, որ իր ծնունդէն ի վեր միշտ եղած է ջատա­գո­վը խօսքի ազա­տութեան, հանդուրժո­ղութեան, մարդկա­յին իրաւունքնե­րու եւ պայծա­ռա­տե­սութեան, այսօր՝ աղանդաւո­րա­կան հոգե­բա­նութեան զարգացման պատճա­ռով, կը դիմագրաւէ ներքին եւ արտա­քին խնդիրներ եւ անոր ղեկա­վարման համա­կարգը, որուն վրայ միշտ վստա­հած են շարքա­յիննե­րը խնդիրնե­րու լուծման համար, դարձած է անկա­րող:

Համաշխարհա­յին մակարդա­կով եղա­փո­խուող եւ դէպի աղանդաւո­րա­կան հոգե­բա­նութիւն տանող այս վարքա­գի­ծը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունե­նալ համայն մարդկութեան համար: Հետեւա­բար, խորքա­յին ուսումնա­սի­րութիւններ կարեւոր են կասեցնե­լու ընթացքը: Սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ այս խնդրի ուսումնա­սի­րութիւնը կրնայ յուսա­հա­տեցնել մեզ, մասամբ այն պատճա­ռով, որ շատ բարդ եւ անյաղթա­հա­րե­լի կը թուի:

Համա­մարդկա­յին այս հարցը կը պահանջէ բազմաբնոյթ լուծումներ, որոնց մէկ մասը կրնայ շատ վեր ըլլալ մեր անհա­տա­կան ​​հնա­րաւո­րութիւննե­րէն, որուն հետեւանքով կրնայ ամրապնդուիլ մեզմէ շատե­րուն մէջ արդէն իսկ տիրող յուսալքման եւ անճա­րա­կութեան զգա­ցումը:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ