20.4 C
Yerevan

Պատուհա­սի՞, Թէ՞ Պատե­հութեան Օրա­կարգ

Ոչ ոք կ՛ուզէ զիջիլ, — ըսաւ Վիքթոր: – Արցա­խա­հա­յութիւնը կ՛ապրի արդա­րութեան համար եւ պատրաստ չէ զիջե­լու իր արդար կեանքը ապրե­լու տեսլա­կա­նէն»։

Դոկտ. Հրայր Ճէպէ­ճեան

«Իւրա­քանչիւր պատուհա­սէ ետք
կայ նոր պատե­հութիւն մը»
Ժողովրդա­յին ասա­ցուածք

«Կ՛ապրինք անբա­ցատրե­լի զգա­ցումներ, որոնք շատ են եւ խօսուն: Չեմ կրնար ներկա­յացնել անոնց ծաւա­լը, որպէսզի կարե­նաս լաւ կերպով հասկնալ մեր վիճա­կը Արցա­խի մէջ»:

Վիքթոր Կարա­պե­տեա­նը Հայ աւե­տա­րանչա­կան ընկե­րակցութեան Արցա­խի գրա­սե­նեա­կի պատասխա­նա­տու-տնօ­րէնն է: Անոր մէջ երկար տարի­նե­րու տեւո­ղութեան տեսած եմ համակ սէր եւ նուի­րումիր հոգեւոր եւ ազգային կոչումին: Ան հողին Արցա­խին, կառչած հայն է, ան իր հոգեւոր եւ ազգա­յին ինքնութիւնը շաղա­խած է հայրե­նի հողին հետ եւ, առանց յուսա­հա­տե­լու, կը գործէ մինչեւ այսօր‘ շրջա­փակման ահաւոր այս պայմաննե­րուն մէջ:

Արցա­խի աւե­լի քան եօթը ամիսնե­րու վրայ երկա­րող շրջա­փա­կումը ընդհանրա­պէս հայութիւնը եւ մասնաւո­րա­պէս արցա­խա­հա­յութիւնը դրած է շնչա­հեղձ ըլլա­լու աստի­ճա­նի հասնող կացութեան մը մէջ:

«Անբա­ցատրե­լի զգա­ցումներ կ՛ապրինք,¬ Վիքթորն է խօսո­ղը: – 1990‑ի պատե­րազմը ապրե­ցանք եւ հասանք մինչեւ քառա­սունչորս օրե­րու պատե­րազմը: Այս շրջա­փա­կումը տարբեր ողբերգութեան մը մէջ դրաւ Արցա­խը»:

Վիքթոր կ՛ապրի իր եւ հայուն‘ իր ժողո­վուրդին ցաւը: «Եթէ ժողո­վուրդը հոգե­պէս կը ճնշուի, նոյնքան եւ աւե­լի կը ճնշուի ֆիզի­քա­պէս: Հաց ճարե­լու համար պէտք է կենաս երկար հերթի,¬ ըսաւ Վիքթոր: – Շատ դժուար է տեսնել ծերունի­ներ, որոնք կը փորձեն կերա­կուր ճարել ապրե­լու համար»:

Վիքթոր կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս արցա­խա­հա­յութիւնը կը փոխուի ներքնա­պէս‘ հոգե­բա­նա­կան առումով: Այս բոլո­րով հանդերձ, ան նոյնպէս կը տեսնէ եւ կ՛ապրի հայուն անկոտրում կամքը: «Ոչ ոք կ՛ուզէ զիջիլ,¬ ըսաւ Վիքթոր: – Արցա­խա­հա­յութիւնը կ՛ապրի արդա­րութեան համար եւ պատրաստ չէ զիջե­լու իր արդար կեանքը ապրե­լու տեսլա­կա­նէն»:

Վիքթոր պարտա­ճա­նաչ առաջնորդն է, որ չ՛ուզեր զիջիլ: Անցեալ յունիս ամսուն եւ անկախ շրջա­փա­կումին ստեղծած դժուար պայմաննե­րէն‘ աւե­տա­րանչա­կա­նի գրա­սե­նեա­կը չէ զլա­ցած կազմա­կերպել 175 երե­խա­նե­րու համար երկշա­բա­թեայ ճամբար մը: «Մանուկնե­րը պէտք ունին ուրա­խութեան, որմէ զրկուած են այս օրե­րուն», ըսաւ ան:

«Կ՛ուզէի ըսել, որ լաւ եմ»: Միքա­յէլ Հաջեանն է‘ ծանօթ լրագրող եւ իմ լաւ բարե­կամս: Երբ կը խօսէի Միքա­յէ­լի հետ, արդէն մէկ ժամէ աւե­լի հերթի կեցած էր հաց ճարե­լու համար: «Երկու հատ հաց կրցայ ձեռք ձգել», ըսաւ Միքա­յէլ:

Եթէ Միքա­յէ­լին համար հացը ֆիզի­քա­կան գոյութեան համար է, բայց անկէ շատ աւե­լի ան կը հաւա­տայ ազգա­յին ինքնութեան եւ ազատ ապրե­լու գրաւա­կա­նին: «Մենք կը պայքա­րինք այս իրա­վի­ճա­կին դէմ, բայց նաեւ‘ բոլոր արտա­քին ճնշումնե­րուն դէմ», ըսաւ Միքա­յէլ:

Միքա­յէ­լին կեանքը անընդհատ պայքար եղած է: Միքա­յէ­լին երկու երի­տա­սարդ զաւակնե­րըՆորայրը եւ Երուանդը, նահատակուած են արցախեան պատերազմներու ընթացքին: Անոնք քաջամարտիկներ են, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայուն պայքարին համար: Նորայրը նահատակուեցաւ 2016-ին, իսկ Երուանդը 2020-ին: Միքա­յէլ, որ իր զաւակնե­րուն եւ Արցա­խի ցաւը շալկած է իր սրտին ու կեանքին մէջ, կը շարունա­կէ ապրիլ պայքա­րի այս կեանքը: Միքա­յէ­լին կեանքը շատ սուղ արժած է իրեն համար, եւ չեմ ալ գիտեր, թէ կարե­լի՞ է իր նահա­տակ զաւակնե­րուն կեանքի գինը սահմա­նել նիւթա­կան արժե­չա­փով: Բայց Միքա­յէ­լի կեանքին մէջ «յուսա­հա­տիլ» հասկա­ցո­ղութիւնը չկայ: «Մեր առաջնա­հերթութիւնը Բերձո­րի միջանցքի բացումն է, իսկ մեր գլխաւոր պահանջը‘ ինքնո­րոշման իրաւունքը», ըսաւ ան:

Շահան Գանտա­հա­րեան կ՛ընդլայնէ ու կը լուսա­բա­նէ Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան Ազգա­յին ժողո­վի յայտա­րա­րութիւնը («Ճանա­չում յանուն փրկութեան») եւ կ՛ըսէ. «Միջազգա­յին այս բոլոր իրաւա­չա­փութիւննե­րու հիմնաւո­րումով կը ներկա­յա­նայ (խօսքը Արցա­խի Ազգա­յին ժողո­վի մասին է, Հ. Ճ.) միջազգա­յին հանրութեան‘ ճանա­չում պահանջե­լով» («Ազդակ», 31 յուլիս 2023): Գանտա­հա­րեան կարեւոր կը նկա­տէ, որ «Ճանա­չում յանուն փրկութեան» պահանջը դառնայ «առաջնա­յին համա­հայկա­կան օրա­կարգ»:

Վիգէն Չըթը­րեա­նի գիտա-ակա­դե­մա­կան յօդուա­ծը, որ անգլե­րէ­նով լոյս տեսաւ «Ալ Մաժալլա» կայքէ­ջին վրայ, կը կրէ «Եօթը ամիսնե­րու վրայ երկա­րած ամրա­ցած շրջա­փա­կումը Ղարա­բա­ղի մէջ» խորա­գի­րը: Վիգէն կը ներկա­յացնէարցախեան հիմնահարցի պատմական-քաղաքական տուեալները, ներկայ շրջափակումի ահաւորութիւնը, շրջանին մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական իրավիճակները, անոնց հաշուարկումները եւ այլն: Վիգէն Չըթըրեանի յօդուածին վերջաւորութեան կը կարդանք հետեւեալ վերլուծումը. «Պարտադրելով (խօսքը Ազրպէյճանի մասին է – Հ. Ճ.) շրջափակումը աւելի քան եօթը ամիսէ ի վեր այսօր Ղարա­բա­ղի ինքնո­րոշման իրաւունքը կարե­լի չէ նկա­տել այլեւս ընտրանք: Ան դարձած է անհրա­ժեշտութիւն»:

Իսկ անհրաժեշտութի՞ւնը. «Ճանա­չում յանուն փրկութեան»: Ասի­կա հայուն համա­հայկա­կան օրա­կարգն է այսօր:

Դարձեալ Վիքթո­րը. «Մեր կեանքը մեր ձեռքե­րուն մէջ չէ, բայց մեր ձեռքե­րուն մէջ չեղած կեանքէն չենք ուզեր հրա­ժա­րիլ», ըսաւ ան:

Վիքթո­րը հաւա­տա­ցեալ եւ նուի­րեալ արցախցին է: «Մեր հաւատքը Աստուծոյ վրայ է: Մեր յոյսը երբեք չի մարիր»: Այս չմա­րող յոյսն է, որ կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ: Այս Վիքթո­րին, արցա­խա­հա­յութեան եւ հայ ժողո­վուրդին յոյսն է: Այս յոյսով մենք ապրե­ցանք մեր պատմութեան բոլոր ժամա­նա­կա­հա­տուածնե­րուն հասանք մինչեւ այսօր: Եւ պիտի շարունա­կենք այս յոյսով:

Արցա­խի շրջա­փա­կումը եւ անոր ստեղծած մարդկա­յին ահաւոր աղէ­տը չեն կրնար ապարդիւն դուրս գալ: Ժողովրդա­յին ասա­ցուածքը շատ դիպուկ է այս իմաստով. «Ամէն պատուհա­սի մէջէն դուրս կրնայ գալ նոր պատե­հութիւն մը»: Այս աղէ­տը‘ պատուհա­սը, դուրս պիտի բերէ նոր պատե­հութիւն մը: «Մենք արժա­նա­պա­տիւ ձեւով դուրս պիտի գանք այս վիճա­կէն»: Միքա­յէ­լի վերջին խօսքն էր մեր զրոյցի ընթացքին: «Արցա­խի մէջ ստեղծուած այս շարժումը պէտք է դառնայ համա­հայկա­կան: Սփիւռքին դերը այս իմաստով շատ կարեւոր է», ըսաւ Միքա­յէլ:

Չուշա­ցաւ Վիքթո­րին գնա­հա­տա­կա­նը. «Մարդկա­յին կեանքին արժէ­քը շատ աւե­լի բարձր է, քան‘ սահմա­նա­զա­տումի եւ քաղա­քա­կան այլ հաշուարկնե­րը: Կան գրուած եւ չգրուած օրէնքներ, որոնք մարդուն կողքին են եւ անոր կու տան ապրե­լու իրաւունք», եզրա­փա­կեց Վիքթոր:

Այսօր Արցա­խի ինքնո­րոշման իրաւունքը ընտրութիւն չէ այլեւս: Ան անհրա­ժեշտութիւն է: ՀայըՀայաստան, սփիւռք եւ Արցախ, պիտի հաւատայ եւ կառչի այս անհրաժեշտութեան: Այս անհրաժեշտութիւնը արցախահայուն ապրելու իրաւունքն է: Ապրելու իրաւունքը արժա­նա­պա­տիւ ձեւով: Այս իրա­կա­նութիւնը քաղա­քա­կան թէ բոլոր այլընտրանքնե­րէն վեր է:

Հայուն արժա­նա­պա­տիւ ձեւով ապրե­լու իրաւունքը այսօր դարձած է անհրա­ժեշտութիւն: Անհրա­ժեշտութիւնը «Ճանա­չում յանուն փրկութեան» իտէալ-կարգա­խօ­սը իրա­կա­նացնե­լու մէջ է: Իրա­կա­նացնե­լու համար կայ կարեւոր աշխա­տանքա­յին տեսլա­կան: Տեսլա­կան, որ պէտք է վերա­ծուի համա­հայկա­կան օրա­կարգի:

«Ճանա­չում յանուն փրկութեան»:

Բոլորս միա­սին‘ Հայաստա­նի, Արցա­խի եւ սփիւռքի մէջ, արժէ, որ կառչինք, հաւա­տանք եւ աշխա­տինք այս անհրա­ժեշտ օրա­կարգին ու անոր իրա­գործումին համար: Այս օրա­կարգը բոլորս միա­սին դարձնենք համա­հայկա­կան:

Արցա­խը այսօր մեծ պատուհա­սի մէջ է: Հայութիւնը մեծ պատուհա­սի մէջ է: Փորձենք այս պատուհա­սէն դուրս բերել նոր պատե­հութիւն մը, եւ այս իրա­կա­նացնե­լու համար պատուհա­սի օրա­կարգը պէտք է վերա­ծել նոր պատե­հութեան օրա­կարգի:

Պատե­հութեան օրակա՞րգը: Հայուն համա­հայկա­կան փրկութեան օրա­կարգն է:

Եւ կրնանք ընել:

Նիկո­սիա, 1 Օգոստոս, 2023
Գրա­ռումը՝ Հրայր Ճէպէ­ճեա­նի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ