«Ի՜նչ սրտով գնան․ անփորձ նորակոչիկներին ինչպէ՞ս միայնակ...

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ ՊԷՐՊէՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀը այս օրերուն ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՇԱՐՔԵՐՈՎ ոտքի հանած ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻՆ։

Բարի լոյս՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԴՈՒԽԻՆ իր ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԵՐՈՎ զօրակցութեան փութացող մեր ժողովուրդին, յատկապէս ՆՈՐԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ, որ ...

Ամբողջականօրէն թիկունք կը կանգնինք Հայաստանի հերոսական ...

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ ՊԷՐՊէԷՐԵԱՆ

Բարի լոյս՝ աշխարհի չորս ծագերուն ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ձայնը բոլորին լսելի ու հասկնալի դարձնող ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՊԱՅՔԱՐի բոլոր ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ Հայ Քաղաքական Մտքի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԶԻՆՈՒՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք աշխարհով մէկ ԱՀԱԶԱՆԳ կը հնչեցնեն՝ Հայաստանի եւ Հայ Ժողովուրդին դէմ ...

Հիմա ունենք ամէն ինչ՝ իշխանութիւն, ժողովուրդ, զինուոր, ...

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ անգամ մը եւս հայրենի ՀՈՂԻՆ ու ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ հերոսաբար ՊԱՇՏՊԱՆ ու ՊԱՀԱՊԱՆ կանգնող ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ, որ ատրպէյճանական անարգ ներխուժման դէմ յաղթահասակ ցցուելով՝ վերանորոգեց Ազգի ու Հայրենիքի սահմաններուն ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԵՐԱՇԽԻՔը ըլլալու եւ ԱՄՈՒՐ ...

«Ես հաւատում եմ այն իշխանութեանը,որը վաղն է գալու»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս։

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ աւելի ազատ, աւելի արդար եւ աւելի կատարեալ կեանքի ու հասարակարգի ԱՐԺԱՆԻ ԸԼԼԱԼՈՒ, այլեւ ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻՆ համար ոգի ի բռին պայքարող եւ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՒԱՏՔՈՎ իրենց օրը իմաստաւորող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ համացանցի վրայ իրարու ...

«Մեր երկրին հարկաւոր է նոր Սահմանադրութիւն, որը քաղաքաց...

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

08 Յուլիս 2020

Ն․Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ քաղաքական աշխարհի իրականութեան հետ քայլ պահելու գաղափարական ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որուն յաջողութեան գրաւականը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՄՔԻՆ համահունչ գործելու ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ զգացողութիւնն է։

Բարի լոյս՝ փանջունիական ԻՆՔՆԱՍՔԱՆՉԱՑՄԱՆ որոգայթներուն դէմ Ազգն ու Հայրենիքը ՍԹԱՓ եւ ԶԳԱՍՏ պահող, ...

«Ինչքան էլ գանակոծենք ռուսամէտներին կամ արեւմտամէտներին...

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

05 Յուլիս 2020

Ն.Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի ողջամիտ դրօշակիրներուն, որոնք կ՚առաջադրեն Հայաստանի ու Հայութեան ազգային-պետական ՕՐԱԿԱՐԳը անդին տանիլ այսօր լայն արձագանգ գտած՝ «Ռուսաստանի հետ» կամ «Ռուսաստանի դէմ» ըլլալու ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔի ըստ էութեան ամուլ բանավէճէն․․․Բարի լոյս՝ հայ ...

Ստալինեան կամայական որոշումով՝ Լեռնային Ղարաբաղը բռնակց...

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

Ն. Պէրպէրեան

Յուլիս 5ի այս օրը՝ 1921ին, սեւ ու մուր թուական մը խորհրդանշեց եւ աղիտաբեր նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդին համար։5 Յուլիս 1921ին էր, որ Ռուսական Կոմունիստական Կուսակցութեան Կ. Կոմիտէի Կովկասեան Բիւրոյի ապօրինի որոշումով՝ Լեռնային Ղարաբաղը անջատուեցաւ Հայաստանէն եւ բռնակցուեցաւ ...

«Հայաստանի Հանրապետութիւնն ինքնիշխան, ժողովրդավարական, ...

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Հայաստանի Հանրապետութեան մայր օրէնքը՝ Սահմանադրութիւնը հռչակում է․- «Հայաստանի Հանրապետութիւնն ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է»:- «Ի՞նչ է սոցիալական պետութիւնը»։- «Ինչպէ՞ս պէտք է հասնել սոցիալական պետութեան կայացմանը»։03 Յուլիս 2020Ն․ ՊէրպէրեանԲարի լոյս՝ աջէն թէ ձախէն այս օրերուն թափ առած «Համահայկական ...

Յուլիս 1968ի առաջին օրերուն ձերբակալուեցան Խորհրդային Հ...

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

Ն. ՊԷՐՊէԷՐԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան լրիւ չբացայայտուած երեսներէն մէկն է 1960ականներուն արագօրէն թափ առած եւ անմիջապէս խստագոյն հալածանքի՝ ձերբակալութեանց, բանտարկութեանց եւ, մինչեւ իսկ, բանտային սպանութեանց գնով խորհրդային պետական բռնադատման ենթարկուած հայ ազգայնականներու այլախոհական շարժումը։
Աւելի քան յիսուն տարի անցած ...

«Հանգիստ թողնենք անցեալում մնացած քաղաքական ուժերին եւ ...

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

30 Յունիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ ժամանակներու փոփոխութեան հետ քայլ պահելու եւ վերանորոգուելու պատրաստ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ, որուն երիտասարդական ուշագրաւ դրսեւորումներէն է «Բարի լոյս»ի վերեւի խորագրին աղբիւր ծառայած ԱՐՏԱԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆի այսօրուան՝ 30 Յունիսի «Չկա՛յ ընդդիմութիւն» գրառումը։ (Տես՝